2013-08-09 10:06:11

ֆրանչիսկոս Պապի Իքնակամ Գրութիւնը Հայող` Դրամի Լուացումի, Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի եւ Զանգուածային Ոչնչացումի Զէնքերու Ծաւալումի Կանխարգիլման։


Հինգշաբթի 8 օգոստոսին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւն մը յայտնեց թէ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ինքնակամ Գրութիւն մը հրատարակած է հայող` դրամի լուացումի, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի եւ զանգուածային ոչնչացումի զէնքերու ծաւալումի կանխարգիլման։

Պենետիկտոս ԺԶ-ի 30 դեկտեմբեր 2010-ի ինքնակամ նամակի գծով հայող` ֆինանսական եւ դրամավարկային ապօրինի գործունէութեան կանխարգիլման, ֆրանչիսկոս Պապի Ինքակամ նամակը կը շարունակէ այս ասպերեզէն ներս ստանձնուած յանձնառութիւնը որ կը վերահաստատէ Սուրբ Աթոռի յանձնառումը ի նպաստ դրամի լուացումի, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի եւ զանգուածային ոչնչացումի զէնքերու ծաւալումի կանխարգիլման։

ֆրանչիսկոս Պապի Ինքակամ Գրութեան կիրակրկումը վատիկանեան օրէնսդրութեան ծիրէն ներս, կ՛ընդլայնուի Հռոմէական Գուրիայի բոլոր հաստատութիւններուն եւ Սուրբ Աթոռի բոլոր կազմակերպութիւններուն ներառեալ իրաւական եւ կանոնական բնոյթ ունեցող կազմակերպութիւններուն որոնց պաշտօնական գրասենեակը կը գործէ Վատիկանի Պետութեան ներքեւ։

Վերոյիշեալ գրութեամբ Կ՛ամրապնդուի ֆինանսական տեղեկատուութեան Մարմնի վերահսկողութեան եւ կարգաւորումի դերը ինչպէս նաեւ կը սահմանուի ֆինանսական բնոյթ ունեցող հիմնարկներու վերահսկողութեան դերը, համապատասխանելով Եւրոխորհուրդի ''Մոնէյվալի'' կոմիտէի կողմէ ներկայացուած առաջադրաքներուն։

Ինքնակամ գրութեամբ ապա կը ստեղծուի ''ֆինանսական Անվտանգութեան Յանձնաժողով'' մը որուն սահմանադրութիւնը կցուած է ''իքնակամ գրութեան'' եւ որուն պարտականութիւնն է ''համադրել Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի իրավասու մարմիններու գործունէութիւնը ի նպաստ դրամի լուացումի, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի եւ զանգուածային ոչնչացումի զէնքերու ծաւալումի կանխարգիլման։

Յայտնենք որ վերոյիշեալ ինքակամ գրութիւնը ի զօրու կը դառնայ շաբաթ 10 օգոտոսէն սկսեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.